ՄԱԿ` ''Մէկ միլիոն Սուրիացի երեխաներ աղէտալի պայմաններու մէջ կ'ապրին''։
Աւելի քան մէկ միլիոն Սուրիացի երեխաներ աքսորուած են եւ կ'ապրին աղէտալի պայմաններու
մէջ, կը յայտնէ The Guardian-ը՝ վկայակոչելով ՄԱԿ-ի աղբիւրներ։ Ըստ ՄԱԿ-ի Փախստականներու
հարցերու գործակալութեան՝ Սուրիոյ ճգնաժամի հետեւանքով իրենց երկիրը լքած՝ հարիւր հազարաւոր
երեխաներ զրկուած են կրթութենէն ու առ աւելին` անոնք յաճախ, շահագործուած են, մասնաւորապէս
Յորդանանի մէջ, ուր երեխաներու կէսէն աւելին` օրական 14 ժամ կ'աշխատին, օրական 5 տոլար
ստանալու համար։ Ըստ Մակին այս հարցը հրատապ է եւ պէտք է այս ուղղութեամբ լուծումներու
դիմել։